ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՎԱՂԸ ԱՌԱՒՕՏ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՓԱՐԻԶ
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը վաղը առաւօտ պիտի ուղղուի Փարիզ։ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի հայաշատ արուարձաններէն Առնուվիլ քաղաքի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի կազմակերպած «Պոլսահայ շաբաթավերջ»ին պիտի մասնակցի երգչախումբը։ Ծրագիրը կը վայելէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեանի հովանաւորութիւնը։
Երէկ երեկոյեան, Լուսաւորիչ երգչախումբը ուղեւորութեան ընդառաջ վերջին փորձը ըրաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ երգչախումբը վերջին կատարելագործումները ըրաւ եւ արդէն պատրաստ է ճամբորդութեան։ Փարիզի ելոյթներուն ժամանակ խումբին երգեհոնով պիտի ընկերանայ Ռոպէր Տողանայ։
Ուղեւորութեան ընթացքին երգչախումբին հետ պիտի ըլլան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Խումբին պիտի միանան նաեւ երգչախումբի համակիրներ, որոնք փափաքած են ականատես դառնալ «Պոլսահայ շաբաթավերջ»ին։ Այս կիրակի Առնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ պիտի կատարուին։
Առնուվիլի եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Արէտ Թահմիզեան եւ գործակից ընկերները կը վերահսկեն ծրագրի ընթացքը։