ՈՍԿԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Շաբաթավերջին, համայնքային շրջանակները ողջունեցին մեր բեզմամեայ ու երախտաշատ բարերարներէն Լետա եւ Պետրոս Շիրինօղլու ամոլի ամուսնութեան ոսկէ յոբելեանը։ Այս առթիւ Շիրինօղլու ընտանիքը մեծարեց իր բարեկամական շրջանակը, միեւնոյն ժամանակ, ջերմօրէն շրջապատուելով հարազատներուն եւ բարեկամներուն կողմէ։ Լետա եւ Պետրոս Շիրինօղլուներու ամուսնութեան յիսնամեակին առթիւ ընթրիք մը սարքուեցաւ Պէշիկթաշի «The Four Seasons» պանդոկի համալիրէն ներս։

Երեկոյթի ընթացքին յոբելեար ամոլը ծափահարութիւններու եւ բարեմաղթանքներու տարափի մը ներքեւ հատեց իրեն համար պատրաստուած կարկանդակը։ Լետա եւ Պետրոս Շիրինօղլու ամոլին տեսակէտէ իսկապէս յատկանշական իրադարձութեան մը վերածուեցաւ այս յիսնամեակը, որու ընթացքին ան առարկայ դարձաւ հարիւրաւոր հիւրերու անկեղծ բարեմաղթանքին ու մանաւանդ՝ առողջութեամբ տակաւին երկար տարիներ զիրար վայելելու եւ խոր ծերութեան հասնելու բաղձանքներուն։

Երկուշաբթի, Յունուար 12, 2026