ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ՝ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Տղաքը յատուկ տարազներով, դիմակներով մասնակցեցան ձեռնարկին, ինչ որ դպրոցէն ներս ստեղծեց բարձր տրամադրութիւն։ Յայտագրի ընթացքին երգերն ու պարերն ալ արժանացան ծափահարութիւններու։ Հուսկ, բոլորը զիրար ողջունեց՝ Սուրբ Զատիկը միասնաբար ողջունելու բարեմաղթանքով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026