ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՄԻՋԻՆՔԻՆ ՆՇԵՑ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 15-ԱՄԵԱԿԸ
Մալաթիոյ հայոց հայրենակցական միութիւնը, որ վերջերս իր հերթական ընդհանուր ժողովը կազմակերպեց, այս շրջանին արդէն բաւական աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ համայնքային կեանքէն ներս։ Երէկ երեկոյեան, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ, Մալաթիոյ հայոց միութիւնը կազմակերպեց ընթրիք մը, որ տեղի ունեցաւ Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։ Այս երեկոյթը, միեւնոյն ժամանակ, միութեան հիմնադրութեան 15-ամեակի յոբելենական տօնակատարութիւնն էր։ Հիմնադրութեան 15-ամեակը բացառիկ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ, որովհետեւ միութիւնը արդէն պաշտօնական կարգավիճակ մըն ալ ձեռք բերած է։ Միջինքի հաւաքոյթին մասնակցեցաւ շուրջ երկու հարիւր հոգի։
Նորընտիր վարչութեան ատենապետ Նուպար Օփան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ ցարդ ծաւալուած գործունէութեան, յառաջիկայի ծրագիրներուն եւ ընդհանուր առմամբ Մալաթիոյ հայերը՝ հայրենակցական միութեան հովանիին ներքեւ համախումբ պահելու ուղղեալ մտադրութիւններուն։
Երեկոյթի տեւողութեան, ընթրիքի սեղաններու շուրջ բոլոր ներկաները Մալաթիոյ հայկական աւանդութիւններու վերակենդանացման մթնոլորտը շնչելու ուրախութիւնը ունեցան։ Բոլորը հաճելի եւ անկեղծ զրոյց ծաւալեցին իրարու միջեւ։ Եզրափակիչ փուլին բարեմաղթանքներ փոխանակուեցան, որպէսզի Նախախնամութիւնը արժանի ընէ միասնաբար ողջունելու մօտալուտ Ս. Զատիկը։
