ՄՕՏ ՕՐԷՆ… «ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՀԵՏ. ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը, որ իրեն ներկայացաւ համայնքային շրջանակներէն կամաւորներու խումբի մը հետ։ Գումգաբուի հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ծաւալուած զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ ծրագիր մը, որու համար ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութիւնն ու վարչութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր աշխատանք կը տանին եւ արդիւնքը յառաջիկայ ամիս արդէն պիտի ներկայացուի համայնքային շրջանակներուն։

Արա Գօչունեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեց, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթն ու Երեւանի «Ֆակտում» փաստավաւերագրական կեդրոնը 2016 թուականէն ի վեր կ՚աշխատէին՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան վերաբերեալ ժապաւէն մը արտադրելու ուղղութեամբ։ Փաստավաւերագրական այս ֆիլմին արտադրանքը ներկայիս արդէն գրեթէ աւարտին հասած է։ Արա Գօչունեան Նորին Ամենապատուութեան տեղեկացուց, որ ֆիլմը կոչուած է՝ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ»։ 98 վայրկեան տեւողութեամբ, երկարաժամկէտ ժապաւէն մըն է այս մէկը, որ Պոլսոյ մէջ հայոց վաղեմի ներկայութեան եւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան զանազան հանգամանքներուն վրայ լոյս կը սփռէ։ Ֆիլմի բեմագրութեան հեղինակն է Երեւանէն յայտնի մտաւորական Տիգրան Պասկեւիչեան, որ կը գլխաւորէ նաեւ «Ֆակտում» կեդրոնը։ Ֆիլմի մէջ մատուցուած նիւթը ներկայացուած է երեք մասով. առաջին՝ հիմնադրութիւն, երկրորդ՝ սահմանադրութիւն եւ երրորդ՝ հանրապետութիւն։ Հինգ լեզուով (արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, թրքերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն) արտադրուած է այս ֆիլմը, որու համար ինչպէս աշխարհի զանազան կողմերէն, այնպէս ալ Իսթանպուլէն շուրջ վեց տասնեակ մասնագէտի հետ տեսախցիկի առջեւ հարցազրոյց կատարուած է։ Ճոխ տեսանիւթերով պատրաստուած գործ մըն է այս մէկը, որ վստահաբար մեծ հետաքրքրութեան արժանանայ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։

Արա Գօչունեան դիտել տուաւ, որ 2016 թուականէն ի վեր այս ֆիլմի արտադրական աշխատանքները եղած են ընթացքի մէջ՝ թէեւ մասնաւորապէս համավարակի շրջանին ակամայ դանդաղեցում մը եղած է։ Յամենայնդէպս, ֆիլմի արտադրութիւնը վերջացած է բոլորովին վերջերս՝ մինչ այս տարին կը զուգադիպի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան հնգամեայ յոբելեանին։ Ուստի, փաստավաւերագրական այս ֆիլմը ձօնուած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան տարեդարձին։ Բաց աստի, Արա Գօչունեան դիտել տուաւ, որ ներկայ տարին կը համընկնի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի երախտաշատ եւ անմոռանալի աւագ խմբագիր հոգելոյս Մարտիրոս Գօչունեանի մահուան 50-րդ տարելիցին։ Ուստի, այս նախագիծը պատեհ առիթ մը նկատուած է՝ ոգեկոչելու համար հայ մամլոյ բարեյիշատակ ու հեղինակաւոր սպասաւորներէն Մարտիրոս Գօչունեանը, որ իր ուրոյն հետքը թողած է թրքահայ արդի տարեգրութեանց մէջ։ Ի լրումն այս բոլորին, ֆիլմին մէջ յարգանքով կը վերյիշուի նաեւ նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ, որու թարմ յիշատակի արծարծման տեսակէտէ ալ յարմար հնարաւորութիւն նկատուած է այս նախագիծը։

Պատրիարքարանի դահլիճի հանդիպման ընթացքին Արա Գօչունեան Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնեց, որ այս ֆիլմի արտադրութիւնը իրականացուած է՝ համայնքային երախտաշատ բարերար եւ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ կատարուած նուիրատուութեամբ։ Ան այս առթիւ ընդգծեց խորին երախտագիտական զգացումները՝ բարերարի խրախուսական վերաբերմունքին համար։

Հուսկ, Արա Գօչունեան դիտել տուաւ, որ Պատրիարքական Աթոռի պատմութիւնը, առաքելութիւնը, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս դերակատարութիւնը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջին մէջ զբաղեցուցած դիրքը եւ այլ հանգամանքներ այսօր եւս անոր նկատմամբ ուշադրութիւնը վառ կը պահեն։ Հետեւաբար, այս ֆիլմի պատրաստութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ Պատրիարքական Աթոռը բոլորին նորովի ներկայացնելու եւ անոր անցեալը, ներկան ու ապագան նոր հորիզոններով արժեւորելու տեսակէտէ։ 

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց Արա Գօչունեանն ու ընկերակիցները։ Ան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ ծաւալուած աշխատանքին մասին՝ մանաւանդ, որ ընթացքին միշտ ինքը վերահասու եղած էր իւրաքանչիւր քայլափոխի նորութիւններուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, որ այս ծրագիրը ի կատար ածուած է եւ մօտ օրէն պիտի ներկայացուի մեր ժողովուրդին։ Իր խօսքով՝ ինչպէս արտադրական աշխատանքի ընթացքին, այնպէս ալ ցուցադրութիւններու կազմակերպման համար Պատրիարքական Աթոռի կողմէ համակարգող նշանակած է Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը։

Արա Գօչունեան աւելի վերջ դիտել տուաւ, որ ֆիլմի արտադրական աշխատանքի եզրափակիչ փուլին զուգահեռ՝ արդէն կամաւորներէ բաղկացեալ կարգադիր յանձնախումբ մը ստեղծուած է, որպէսզի մասնաւորապէս քաղաքիս հայահոծ թաղերուն մէջ յառաջիկային ներկայացուի գործը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս մօտեցման համար՝ այն առումով, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններուն պէտք է հաղորդ դառնայ մեր ժողովուրդը, որու հաւաքական կեանքի առանցքին կը գտնուի Պատրիարքական Աթոռը։ Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց կարգադիր յանձնախումբին, որու անդամներուն ուղղեալ խրախուսական արտայայտութիւններ ըրաւ։

Դահլիճին մէջ կատարուած նկարահանումէն վերջ, յանձնախումբը առաջին ժողովն ալ գումարեց Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ 

Հարկ է նշել, որ այս փաստավաւերագրական ժապաւէնը յառաջիկայ հոկտեմբերէն սկսեալ պիտի ներկայացուի քաղաքիս մէջ։ Ժապաւէնի այլ լեզուներով ցուցադրութիւնները յառաջիկային, յարաբերաբար աւելի ուշ պիտի կազմակերպուին։ Նկատի ունենալով, որ հոկտեմբեր ամիսը աւանդաբար կ՚ընկալուի՝ որպէս Հայ մշկոյթի ամիս՝ կարգադիր յանձնախումբը կը ծրագրէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան հնգամեակի փուլին այդ ժամանակաշրջանը արժեւորել այս ֆիլմի ներկայացմամբ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2025