ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ԱՌՆՈՒՎԻԼԻ ՄԷՋ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը այս առաւօտ մեկնեցաւ Փարիզ։ Խումբը կը գլխաւորէ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան՝ դպրաց դասու նախագահի հանգամանքով։ Ուղեւորութեան կը մասնակցին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։

Այսօր երեկոյեան, Լուսաւորիչ երգչախումբը համերգով մը հանդէս պիտի գայ Փարիզի հայաշատ արուարձաններէն Առնուվիլի մէջ։ Համերգը մաս կը կազմէ՝ տեղւոյն Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Պոլսահայ շաբաթավերջ»ին։ Համերգը տեղի պիտի ունենայ Առնուվիլի քաղդէական եկեղեցւոյ մէջ։ Երգչախումբը հանդէս պիտի գայ՝ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ռոպէր Տողանայի։

Այսօրուան համերգէն վերջ, խումբը վաղը քաղաքավարական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեանին, որու հովանաւորութեամբ տեղի կ՚ունենայ «Պոլսահայ շաբաթավերջ»ը։ Նորին Սրբազնութեան օրհնութիւնը ստանալէ վերջ, երգչախումբի անդամները առաջնորդանիստ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ կը կատարեն իրենց ուխտի աղօթքը։ Վաղը երեկոյեան, Առնուվիլի մէջ երգչախումբը կը մասնակցի ընթրիքի մը, որ եւս պիտի սարքուի «Պոլսահայ շաբաթավերջ»ի գծով։

Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը Առնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարէ նաեւ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։ Պիտի պատարագէ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ 

Կիրակի երեկոյեան երգչախումբը հրաժեշտ պիտի առնէ Փարիզէն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2025