ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ՝ ԴԷՊԻ ԳԱՒԱՌ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱՒ

Պատրիարքական Աթոռը այս տարի եւս Մեծ պահոց շրջանին ուխտագնացութիւն մը կազմակերպած է դէպի գաւառի մեր եկեղեցիները։ Երէկ, այս տարուան ուխտագնացութիւնը սկիզբ առաւ՝ գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի։ Ուղեւորութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Կեսարիան եւ Հաթայը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանան Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան, Տ. Նաթան քհնյ. Արապեան եւ Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ ժամանեց Կեսարիա, որ ուխտագնացութեան առաջին կանգառն է։ Հոգեւոր հայրերուն առընթեր, իրեն միացան նաեւ ատենապետ Զատիկ Թոքէրի կողմէ գլխաւորուած Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան տեւողութեան քաղաքավարական այցելութիւններ տուաւ Կեսարիոյ կուսակալ Կէօքմեն Չիչէքին եւ քաղաքապետ Մեմտուհ Պիւյիւքքըլըչին։ Թէ՛ կուսակալութեան եւ թէ քաղաքապետարանի զրոյցները անցան ջերմ մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց նաեւ քաղաքապետարանի գրադարանը, որ երբեմնի Ս. Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ համալիրի վերանորոգութեամբ ստեղծուած է։

Այս բոլորէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց նաեւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուրկէ հրաժեշտ առնելէ վերջ ալ ուխտագնացութեան ծրագրին հետեւելով անցաւ Արգէոս (Էրճիէս) լերան լանջը, ուր տպաւորիչ տեսարան մը կար՝ մանաւանդ, որ կը ձիւնէր։

Երեկոյեան, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընթրեց ուխտաւորներուն հետ։ Սեղաններուն շուրջ անմիջական եւ մտերմիկ զրոյցի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական վերաբերմունքի առարկայ դարձուց ուխտաւորները եւ մանաւանդ՝ Կեսարիոյ եկեղեցւոյ կացութեան շուրջ զրուցեց ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ։ 

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2026