Երեքշաբթի 13, Մայիս 2025
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՎՈԼԷՅՊՈԼԻ ՓԱՌԱՏՕՆ
Պաքըրգիւղի Տատեան եւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարաններու սանուց միութիւնները շաբաթավերջին վոլէյպոլի փառատօն մը կազմակերպեցին՝ ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Մրցումները տեղի ունեցան Սահակեան-Նունեան վարժարանի պարտէզին մէջ։ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները հետեւեցան ամբողջ մրցումներուն, որոնց աւարտին կազմակերպիչներուն յանձնեցին յուշանուէրներ։ Մէկ կողմէ այս փառատօնի մասնակիցները խանդավառութիւն ապրեցան իրենց մրցումներով, իսկ միւս կողմէ արդէն ընդհանուր հասոյթը տրամադրուեցաւ՝ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին համար բանիմաց գրատախտակներ ձեռք բերելու նպատակին։
Երեքշաբթի, Մայիս 13, 2025