ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքի արժէքաւոր արուեստագիտուհիներէն Նաթալին Պոզ Եըլմազն ու Նատին Պէրպէրեանը։ Այցելութեան ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ մօտաւոր ապագային նախատեսուած է «Առաջնորդ» պարախումբի ելոյթը։ Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան առընթեր՝ Ֆուլիայի «Սիւլէյման Սեպա» մշակոյթի կեդրոնի համալիրէն ներս։ Յաջողութիւն կը մաղթենք։

Երեքշաբթի, Մայիս 13, 2025