ՈՒՐԱԽԱՌԻԹ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Համայնքային շրջանակները այս շաբաթավերջին ուրախակից են մեր ծանօթ եւ համակրելի ազգայիններէն Ազնիւ Մեծատուրեանին, որ ծառայասիրութեան, նուիրումի եւ հետեւողականութեան կերպար մը կը մարմնաւորէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Արդարեւ, Ազնիւ Մեծատուրեան այսօր կը դառնայ 70 տարեկան։ Սա պարզ ծննդեան տարեդարձ մը չէ եւ այս յոբելեանը կու գայ ուրախութիւն յայտնել համայնքային շրջանակներուն, որովհետեւ Ազնիւ Մեծատուրեան տասնամեակներէ ի վեր անխնայօրէն իր ներդրումը բերած է մեր հաւաքական կեանքին եւ թրքահայ արդի տարեգրութեանց մէջ ունի իր ուրոյն հետքը։
Ազնիւ Մեծատուրեան, որ այսօր յոբելեանի բերկրանքը կ՚ապրի, ծնած է Պէշիկթաշի մէջ։ Պատմական թաղին հետ նոյնացած եւ անոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ հասակ առած անձնաւորութիւն մըն է։ Դուստրն է հոգելոյս Ժիրայր եւ՝ Պէշիկթաշի սիւներէն Եսթեր Վարժապետեաններուն։ Պէշիկթաշի երբեմնի Մաքրուհեան վարժարանին մէջ նախնական կրթութիւնը ստանալէ վերջ, Ազնիւ Մեծատուրեան յաճախած է Սեն Պենուա ֆրանսական լիսէն, զոր աւարտելէ վերջ, որպէս ուսանող՝ Եըլտըզի թեքնիք համալսարանը յաճախած է։ Ճարտարագիտութեան բաժինը աւարտելէ վերջ, ան երիտասարդական տարիներուն միջոց մը աշխատած է իր մասնագիտութեան վրայ։
Ազնիւ Մեծատուրեան աւելի վերջ ամուսնացած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին բժշկապետներէն տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանի հետ։ Բախտաւորուած են որդիով մը՝ Սեւան, որ ներկայիս արհեստավարժ զբաղմունքը կ՚իրականացնէ Գերմանիոյ մէջ։
Ընտանեկան եւ ընկերային շրջանակէն ներս համատարած սիրոյ եւ համակրանքի առարկայ դարձած անձնաւորութիւն մըն է Ազնիւ Մեծատուրեան, որու մարդկային առաքինութիւններն ու բնաւորութեան առանցքները զինքը առաջնորդած են հաւաքական ծառայութեան։ Պէշիկթաշի մէջ անցուցած երիտասարդութենէն վերջ, ան միշտ եղած է Պէշիկթաշի ընտանիքին հետ առընչակից անձնաւորութիւն մը՝ հետամուտ թաղի պատմական աւանդութիւններու կենսունակութեան եւ վերապրումին։ Յամենայնդէպս, որքան որ ալ իր հասած ընտանիքը Պէշիկթաշի հետ նոյնացած ըլլայ՝ Ազնիւ Մեծատուրեան համայնքային գործունէութեան առիւծի բաժինը ծաւալած է Ֆէրիգիւղի մէջ։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի իրերայաջորդ շրջաններուն անդամակցած է եւ թաղականի պաշտօնը կատարած է թէ՛ մարդկային ջերմութեամբ եւ թէ ամենայն լրջութեամբ։ Իր պարագային այդ երկուքը ո՛չ թէ հակասութեան մէջ են, այլ զիրար կը փոխլրացնեն, որովհետեւ Ազնիւ Մեծատուրեանի ծառայութեան փիլիսոփայութիւնը կ՚ենթադրէ համայնքէն ներս ամէն ինչ ընել սիրով, պատասխանատուութեամբ, նաեւ հաւաքական շահերու գիտակցութեամբ։ Ի լրումն այս բոլորին, Ազնիւ Մեծատուրեան իր անսակարկ աջակցութիւնը բերած է նաեւ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի կազդուրման կայանին՝ անդամակցելով խնամատար մարմնին։
Այսօր, երբ Ազնիւ Մեծատուրեան իր կեանքի նոր փուլերէն մէկը կը թեւակոխէ, իր բոլոր սիրելիները զինքը շրջապատած են ամենայն անկեղծութեամբ՝ իրեն համար մաղթելով միայն բարին, լաւն ու դրականը։
Այս առթիւ մենք եւս կու գանք ջերմօրէն շնորհաւորել մեր այնքան սիրելի բարեկամուհի Ազնիւ Մեծատուրեանի յոբելեանը՝ իրեն մաղթելով կեանքի տեւողութեան կանաչ ճանապարհ, առողջութիւն եւ սիրելիներու մշտական գուրգուրանք։