ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ ԵՒ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ

«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի առաջին ներկայացման յաջորդեց շատ շահեկան ասուլիս մը, որ օրուան ծրագրին տարբեր խորք մը վերագրեց։ Արդարեւ, ֆիլմի առաջին տպաւորութիւններու լոյսին տակ կազմակերպուած այս փանելը հնարաւորութիւն ընձեռեց ընդհանուր արժեւորման։ Ատենախօսներու դիտարկումներուն ու խորհրդածութիւններուն հանրագումարը դիտողներու աչքին նոր բացայայտումներու գետին պատրաստեցին։

Ասուլիսը վարեց Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը, որ սկիզբի փուլին յայտնեց, թէ այս ֆիլմի գնահատման տեսակէտէ, բնականաբար, ուսուցիչի հայեացքը կարեւոր է, որովհետեւ Պատրիարքարանը միշտ կրթութիւնը որպէս միջոց օգտագործած է՝ իր հօտի ինքնութիւնը ձեւաւորելու համար։

Ապա արտայայտուեցաւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, որ խանդավառ տպաւորութիւններ փոխանցեց։ Ան կոթողային որակեց այս գործը՝ հոգեւորականի աչքով դիտուած։ Իր խօսքով՝ բոլոր վերիվայրումները սքանչելի ներկայացուած են եւ թէկուզ բոլորին ծանօթ պատմութիւն մը սքանչելի կարգի բերուած է՝ դրական ու ժխտական երեսակներով։ «Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպիսի ծանր ժառանգութիւն մը կը կրենք մեր ուսերուն», ըսաւ ան։ Հուսկ, տէր հայրը շեշտեց, որ սա պատմական առումով մեծ ներդրում մըն է։

Տիգրան Պասկեւիչեան՝ որպէս բեմագրութեան հեղինակ նշեց, որ իր տպաւորութեամբ՝ սպասումները արդարացած են։ Այս գործի հայեցակարգի առանցքը եղած է ճշմարտութեան ըսուիլը։ 

Փորձառու կրթական մշակ Արմէն Սարուխանեան ողջունելի նկատեց այս ֆիլմով մատուցուած բազմակողմանի պատկերը՝ բոլոր ծալքերով։ Ան նշեց, որ այսպիսի գործերով պատմութիւնը պէտք է անպայման փոխանցուի սերունդներուն։ Միեւնոյն ժամանակ Սարուխանեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այս ֆիլմի միջգիտաճիւղային բնոյթին վրայ։

Հուսկ, արտայայտուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիրներէն Յակոբ (Վարանդ) Քորթմոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ ֆիլմին մէջ ինքնութեան հանգամանքները շեշտուած են թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական առումով։ «Ինքնութիւնը ճանչնալու համար պէտք է գիտնալ ճշմարտութիւնը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ այս գործը առիթ մըն է պոլսահայութիւնը ծանօթացնելու տեսակէտէ։ Քորթմոսեանի խօսքով՝ ֆիլմը թէեւ լիամեթրաժ է, սակայն, կը դիտուի մէկ շունչով։

Յակոբ Քորթմոսեան խօսեցաւ նաեւ հետաքրքրական զուգահեռականի մը մասին։ Այսպէս, եթէ Պատրիարքարանը համայնքի սիրտն է, ապա ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը հանդիսանայ անոր արիւնատար երակը։ Քորթմոսեան ընդգծեց, որ այսօր լրատուամիջոցներու պարագային էական է վաւերականութեան հանգամանքը, իսկ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը վաւերական լրատուամիջոց մըն է՝ թէ՛ խօսքի ազատութեան եւ թէ չէզոքութեան առումով։

Հանդիսութիւններու աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ըսաւ. «Պատրիարքութիւնը մենք ենք»։ Արդարեւ, իր խօսքով՝ ազգի հանճարը մինչեւ այսօր ոտքի պահած է Աթոռը։ Ան շեշտեց, որ զօրաւոր համայնք եւ զօրաւոր Պատրիարքարան հասկացութիւնները իրարու հաւասարազօր են։ Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ երանելի օր մը նշուի այս Աթոռի հաստատման հազարամեակը։ 

*

Կալային հետեւեցաւ Երեւանէն հրաւիրուած լրատումիջոցներու ներկայացուցիչներու խումբ մը, որու կազմին մէջ էին հետեւեալները.

Մելիք Պաղտասարեան («Ֆոթոլուր» գործակալութեան համահիմնադիր), Արաքս Կասեան («Արմէնփրէս» գործակալութեան փոխ-տնօրէնուհի), Աննա Սարգսեան (Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստակայան), Սուսաննա Պատալեան («Ազատութիւն» ռատիոկայան եւ կայքէջ), Դաւիթ Յակոբեան (լուսանկարիչ) եւ կողակիցը Լուսինէ Աւագեան, Վռամ Խանամիրեան (Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստակայան, տեսագրող), Յասմիկ Սմբատեան («Ազատութիւն» ռատիոկայան եւ կայքէջ, տեսագրող)։ Այս վերջիններուն միացած էին Երեւանէն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցները՝ Անուշ Թրուանց, Յակոբ Վարանդ Քորթմոսեան եւ Հրայր Տաղլեան։

  

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2025