ՓԱՐՈՍ»Ի 15-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

«Փարոս» ամսաթերթը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Երէկ, այս յոբելեանին առթիւ քաղաքիս մէջ բացուեցաւ յայտնի նկարիչ Տիգրան Պետրոսեանի ցուցահանդէսը։ «Կեանքը թատերաբեմ մըն է» անուան ներքեւ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը բացուեցաւ Բանկալթիի «Պերզէ» գեղարուեստասրահին մէջ։ Ցուցահանդէսի բացումը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որուն ընկերացաւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։ Ներկայ էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։ Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսի հասոյթը կը տրամադրուի «Յոյս» խմբակին, որ համայնքէն ներս յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու ի նպաստ գործունէութիւն կը ծաւալէ։ 

Յոբելեանին առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց «Փարոս»ի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիսը՝ յղելով օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2025