ԱՌՆՈՒՎԻԼԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ «ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ»Ը. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՄԵՐԳԸ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ
Փարիզի հայաշատ արուարձաններէն Առնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Պոլսահայ շաբաթավերջ»ը փառաշուք համերգի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Երէկ երեկոյեան, Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը բառին բուն իմաստով նուաճում մը արձանագրեց Փարիզի մէջ, ուր արժանացաւ որոտընդոստ ծափահարութիւններու։ Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ, Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը անգամ մը եւս արդարացուց իր համահայկական համբաւը, որ կուտակուած է տարիներէ ի վեր Իսթանպուլէ դուրս կազմակերպուած զանազան ձեռնարկներով։ Այս շղթայի վերջին օղակը հանդիսացաւ Փարիզի երէկուան ելոյթը, որով Լուսաւորիչ երգչախումբը պանծացուց հայ երգարուեստը՝ գրաւելով երաժշտասէրներու սիրտը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած «Պոլսահայ շաբաթավերջ»ի այս շքեղ համերգը տեղի ունեցաւ Առնուվիլի քաղթէական եկեղեցւոյ մէջ, ուր հոծ թիւով երաժշտասէրներ համախմբուած էին՝ ողջունելու համար Լուսաւորիչ երգչախումբը։ Համերգը առիթ դարձաւ, որպէսզի բազմաթիւ նախկին պոլսահայեր անկրկնելի հնարաւորութիւն մը ունենան՝ իրենց զգացումներն ու յիշողութիւնը թարմացնելու համար Պոլսոյ նկատմամբ։

