ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ 27-ՐԴ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Միջմիութենական 27-րդ գիտական մրցոյթը կ՚ընթանայ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ «Մարալ» միութեան կողմէ կը կազմակերպուի այս տարուան մրցոյթը, Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ։

Նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մրցոյթի չորրորդ փուլը, որու աւարտին յառաջատարներու երրեակին մէջ են՝ Գարակէօզեան, Արամեան եւ Մխիթարեան սանուց միութիւններու խումբերը։

Նկատի ունենալով յառաջիկայ արձակուրդի շրջանը՝ մրցոյթը պզտիկ դադար մը պիտի առնէ, յաջորդ՝ հինգերորդ փուլը նախատեսուած է մարտի 23-ին։ (Լուսանկարը՝ կարգադիր յանձնախումբէն)

Շաբաթ, Մարտ 14, 2026