Շաբաթ 14, Մարտ 2026
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՔԷՐՄԷՍ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ
Երէկ, Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը համանուն սանուց միութեան մէջ կազմակերպեց քէրմէս մը։ Մօտալուտ Ս. Զատկին ընդառաջ, աւանդական նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ յաջողութեամբ։ Տաղաւարներուն վրայ այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած էին բազմապիսի խորհրդանշական իրեր, որոնք արժանացան հիւրերու հետաքրքրութեան։ Սա հերթական զօրակցութեան շարժումը եղաւ դպրոցին ի նպաստ։
Կեդրոնականի ծնողաց միութեան մաս կը կազմեն հետեւեալները. Դանիա Սարեան (ատենապետուհի), Սեդա Էվլիք, Գարին Արապաճեան, Տէօնիս Թաշհան, Թալին Պոզթաշ, Լետա Աղտաղ, Գոհար Այտըն, Լետա Չիֆթճեան, Հիլտա Աւատան, Նաթալի Օքթայ, Լիզա Էրչելիք, Հիլտա Ահճը, Պանու Էօզտեմիր, Գարոլին Քեպապճը։
Շաբաթ, Մարտ 14, 2026