ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի դէպի Փարիզ ուղեւորութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Փարիզի հայաշատ արուարձաններէն Առնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Պոլսահայ շաբաթավերջ»ը առիթ հանդիսացաւ զգացումներու մեծ տարափի մը։ Շաբաթ առաւօտ Լուսաւորիչ երգչախումբը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեանին, որ հովանաւորած էր ծրագիրը։ Փարիզի առաջնորդարանին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը ջերմօրէն հիւրընկալեց խումբը։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան՝ որպէս դպրաց դասու նախագահ, յուշանուէր մը յանձնեց իրեն։ Առաջնորդարանի «Ֆրենկեան» սրահի այս հանդիպումէն վերջ, խումբը այցելեց Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցի, ուր կատարեց ուխտի աղօթքը։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց նախօրէի համերգէն վառ տպաւորութիւններ։ Ապա խումբը ուղուեցաւ դէպի Սեն գետի ափի «Երեւան» պարտէզը, ուր կը գտնուի Մեծն Կոմիտասի արձանը։ Առաջնորդարանէն քայլելու հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի այդ վայրը, ուր երգչախումբը երգեց Տէրունական աղօթքը։

Նոյն երեկոյեան, Առնուվիլի «Հրանդ Տինք» դպրոցի երդիքին տակ երգչախումբը հիւրընկալուեցաւ ընթրիքով մը։

«Պոլսահայ շաբաթավերջ»ի եզրափակիչ փուլն էր երէկուան Ս. Պատարագը, որուն հանդիսապետեց ֆրանսահայ հոգեւորականաց դասէն Տ. Ժիրայն Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Լուսաւորիչ երգչախումբը գերազանց կատարեց երգեցողութիւնները՝ խոր տպաւորութիւն գործելով հաւատացեալներուն վրայ։ Ս. Պատարագի աւարտին նախօրէի ընթրիքի վայրին մէջ այս անգամ սարքուեցաւ հրաժեշտի ճաշ։

Լուսաւորիչ երգչախումբը արդէն վերադարձաւ քաղաքս։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2025