Ուրբաթ 16, Յունուար 2026
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպանութեան կողմէ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան մը։ Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ սարքուած հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որու տանտէրն էր Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Սիպիլ Քաթարինա Սորկ։ Որպէս հիւրընկալ՝ այս վերջինը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ ուրախութիւն յայտնելով անոր մասնակցութեան առթիւ։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ ջերմօրէն տարեմուտի առթիւ բարեմաղթանքներ յղեց հիւպատոսին։
Գերմանիոյ դեսպանութեան Թարապիայի ամարանոցի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ ընդունելութիւնը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր որպէս գաւազանակիր ընկերացաւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Ուրբաթ, Յունուար 16, 2026