ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԱՐԵԳ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ երախտագիտութեան առարկայ դարձնել իր անցեալի մեծերը: Այս տրամաբանութեան մէջ, շաբաթավերջին, մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ փինկ-փոնկի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր ակումբի անմոռանալիներէն լուսահոգի Արեգ Գույումճեանի յիշատակին: Այս մրցաշարքը երրորդն էր իր նմաններու շարքին: Հինգ դասաւորումներու մէջ, 52 մարզիկ մասնակցեցաւ մրցաշարքին, որուն հետեւեցան նաեւ հանգուցեալ Արեգ Գույումճեանի այրին՝ Ալին Գույումճեան, եղբայրը՝ Վահան Գույումճեան եւ այլ հարազատները: Մրցաշարքը բուռն մրցակցութեան թատերաբեմ հանդիսացաւ՝ մինչ բոլոր մասնակիցները երախտագիտական զգացումներով վերիշեցին լուսահոգի Արեգ Գույումճեանը:
Մրցանակաբաշխութեան փուլին ելոյթներով հանդէս եկան ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ Վահան Գույումճեան: Դափնեկիրները ստացան իրենց մետայլները եւ բաժակները, իսկ Գույումճեան ընտանիքի անդամները ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքին եւ գործակից ընկերներուն շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ ողբացեալ Արեգ Գույումճեանի յիշատակին նկատմամբ ցուցաբերուած զգայնութեան համար: