ԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու խոր յուզումով կը յայտնուի մերազն ժողովուրդին, թէ իսթանպուլահայբժշկական դասու արժանաւոր անդամ՝ հայ գրականութեան անդաստանիվաստակաշատ գրչի մշակ, միզախտաբան-վիրաբոյժ՝

ՏՈՔԹՈՐ
ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

14 փետրուար 2026, շաբաթ առաւօտ, իր հոգին աւանդած է Երկնաւոր Հօրձեռքերուն մէջ։

Հանգուցեալը իր հեղինակութիւններով արժանացած է «Սարգիս Պօղոսեան» բանաստեղծութեան մրցանակին, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան«Ալեք Մանուկեան» առաջին գրական մրցանքին բանաստեղծութեան Ա. մրցանակին եւԹէքէեան մշակութային միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակին։

Նկատի ունենալով հանգուցեալի երախտաշատ վաստակը հայ գրականութեանանդաստանէն ներս, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, 18 փետրուար 2026, չորեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, կազմակերպուած է Ազգայինյուղարկաւորութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյմէջ, ուրկէ մարմինը պիտի փոխադրուի Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը, ուր հողինպիտի յանձնուի Մտաւորականաց թաղին մէջ։

Կը հրաւիրուին Աթոռոյս բովանդակ հոգեւորական դասը, համայնքային եւթաղային մարմինները, դպրաց դասերը եւ մերազն ժողովուրդը՝ մատուցանելույարգանքի իրենց վերջին տուրքը հայ գրականութեան վաստակաշատ սպասաւորին, որուն թարգմանութեանց ալ արժանացած բազում հեղինակութիւնները պատուովկ՚արձանագրուին իսթանպուլահայ գրականութեան եւ մշակոյթի պատմութեանց մէջ։

«Որ թագաւորդ ես յաւիտենից Քրիստոս Աստուած մեր. ընկալ զհոգի ծառայիս քոայսորիկ, արա արժանի ողորմութեան, քաւութեան եւ թողութեան մեղաց. հանգո ընդարդարս քո եւ ի խորանս սիրողաց քոց բնակեցո զսա։ Եւ մեզ մեղաւորացս շնորհեազքաւութիւն եւ զթողութիւն յանցանաց. ամէն»

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

Երկուշաբթի, Փետրուար 16, 2026