ՅԱՆՈՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻՆ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԻԵՆՆԱ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՎԱՂՈՒԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՀԱՒԱՔԻՆ ՀԱՄԱՐ

Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր Վիեննա մեկնեցաւ՝ մասնակցելու համար Սանկտ Փոլթէնի մէջ նախատեսուած Եպիսկոպոսաց հաւաքին: Նորին Սրբազնութիւնը կը ներկայացնէ Պոլսոյ Աթոռը՝ մինչ Եպիսկոպոսաց հաւաքէն կը բացակայի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան:

Կը նախատեսուի, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Վիեննայէն քաղաքս վերադառնայ այս շաբաթավերջին:

Երկուշաբթի, Փետրուար 16, 2026