ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԱՄՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, այս առաւօտ, ժամը 08.00-ին, Իսթանպուլի օդակայանէն ճամբորդեց դէպի Լոս Անճելըս։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի հրաւէրներով, մեր Հոգեւոր Պետը պիտի հիւրընկալուի Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Իր այցելութեան օրերուն Պատրիարք Հայրը 22 յունիսին, Սուրբ Էջմիածնի տօնին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Արեւմտեան թեմի Ս. Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին, իսկ 29 յունիսին՝ Արեւելեան թեմի Ս. Վարդան Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ։ Պատրիարք Հօր այցելութեան համար, երկու թեմերու մէջ եւս կազմուած են կարգադիր յանձնախումբեր, որոնք կը գլխաւորեն զոյգ թեմերու թեմակալ առաջնորդները։ Իրենց կողմէ մշակուած են հոգեւոր եւ մշակութային հանդիսութիւններ եւ ընդունելութիւններ։

Այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան որպէս գաւազանակիր կ՚ընկերանայ՝ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Պատրիարք Հայրը Նիւ Եորքէն Աթոռը կը վերադառնայ, 1 յուլիս 2025, երեքշաբթի։

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025