Չորեքշաբթի 16, Յուլիս 2025
ՄԻՆՉԵՒ ՀԻՆԳ ՏԱՐԵԿԱՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին, ամրան շրջանին նոր սերունդի ուղղեալ ծրագիրները կը շարունակուին։ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի վերահսկողութեան ներքեւ, զանազան տարիքային խումբերու ուղղեալ աշխատանքները ոգեւորութեան առիթ կը հանդիսանան։ Երէկ, մինչեւ հինգ տարեկան փոքրիկներու ուղղեալ պարի աշխատանոց մը տեղի ունեցաւ։ Հայր սուրբը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ մասնակից մանուկներուն նկատմամբ։ Աշխատանքը վերահսկեց Թանիա Փաքերթիք։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 16, 2025