ԳՆԱԼԸԻ ՅՈՒՆԱՑ ՃԱՄԲԱՐԻ ՄԷՋ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՏՂՈՑ ԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարէն ներս, ամրան արձակուրդի առթիւ հիւրընկալուած մեր համայնքի մանուկներու եւ պատանիներու կեցութիւնը այս շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին։ Երէկ երեկոյեան մեր համայնքի ատամնաբոյժներէն Մկրտիչ Կիւլէզեան փութաց տղոց այցելութեան, որոնք քննութենէ անցուց։ Ան ընթրիքի փուլին ալ միացաւ պատանիներուն։ Ճաշասեղանի շուրջ էր նաեւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան։ 

Հիւրերը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան ճամբարի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոսի եւ մեր ազգայիններէն Արի Չոլաքի կողմէ, որ կամաւոր կը համակարգէ տղոց կեցութեան աշխատանքը։

Շաբաթ, Օգոստոս 16, 2025