ՍՈՒՐԲ ԿՈՅՍԸ ԼՈՒՍԵՂԷՆ ՏԱՃԱՐ
«Ուրախ լեր մայր անճառ լուսոյ մարիամ
սուրբ աստուածածին. քանզի ի քեզ կրեցեր
զհուր աստուածութեանն
լուսեղէն տաճար աստուծոյ բանին» (Շարակնոց)
Շարակնոցը Հայ Եկեղեցւոյ գոհար երգարանն է, ուր կը տողանցեն շարականներ, որոնք իրենց երաժշտական արժէքին առընթեր, ունին նաեւ գրական արժէք։ Սրբազան շարականագիրներ լաւագոյնս արժեւորած են Սուրբ Գիրքը, եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու սրբազան աւանդութիւնը ու այդ բոլորին մէջէն արտաբերած են պատկերալից եւ իմաստալից շարականներ։ «Որք զծորանս հոգւոյն արբին, եւ ընդ ժամանակս ժամանակս երգեցին զեղանակաւոր երգս շարականաց» բառերը ի զուր չեն դրուած շարականագիրներու ցանկագրութեան սկիզբը. անոնք վկայութիւն են եւ կը յիշեցնեն, թէ ովքեր ինչպէս աշխատած են Հայ Եկեղեցին հոգեւոր երգերով հարստացնելու համար։
Ստեփանոս Սիւնեցին, մին է այն հոգելից գրիչներէն, որ կարեւոր տեղ ունի իր հեղինակած Աւագ Օրհնութեան շարականներով, որոնց իւրաքանչիւր պատկերի երրորդ տունը յատկացուած է Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստմւածամօր։ Անոնց մէջ Սուրբ Կոյսը կը մեծարուի, Առաքելական Եկեղեցւոյ ընծայած ստորոգելիներով եւ Սուրբ Գիրքէն բղխած լուսոյ ճառագայթներով։ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարի առթիւ յիշեցինք շարականին այս բառերը.
Ուրախ եղիր անճառ լոյսի մայր Մարիամ, Սուրբ Աստուածածին
Որովհետեւ աստուածութեան հուրը քու մէջդ կրեցիր. Աստուծոյ Բանին
Լուսեղէն տաճար. (թրգմ. Եփրեմ Արք. Թապագեան)։
Սուրբ Կոյսը առաջին անգամ ուրախանալու կանչը ստացաւ Տիրոջ հրեշտակէն Նազարէթի մէջ, երբ պատգամաբերը տիեզերքի պատմութեան մեծագոյն անկիւնադարձին կեանքի կոչման աւետիսը տալու առաքելութեամբ օժտուած էր։ Հրեշտակաւանդ «Ուրախացիր, շնորհընկալդ, Տէրը քեզի հետ է» (Ղուկաս, 1.26) բառերը ինքնին կը վկայէր, թէ Մարիամ ալ փոխադարձաբար Տիրոջ հետ էր, հասակ նետած ըլլալով Աստուծոյ երկիւղով եւ վարած՝ բարեպաշտութեամբ պսակուած կեանք մը։ Եւ այդ կանչը առհաւատչեան էր, թէ աստուածահաճոյ իր վարքագիծովը կ՚արժանանար Աստուածային երկնաձիր օրհնութեան, իր հետ բերելով նաեւ աւետիսը, Տիրամայր ըլլալու։
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը Սուրբ Հոգիէն յղացած, պիտի շարունակէր ապրիլ հոգեւոր ուրախութիւնը, որուն անդրադարձը պիտի յայտնուէր իր ազգականին՝ Եղիսաբէթի հետ հանդիպման պահուն։ Սուրբ Կոյսը երբ լսեց Եղիսաբէթի «Երանի անոր, որ կը հաւատայ, թէ Տիրոջ կողմէ իրեն ըսուածները պիտի կատարուին» երանութիւնը, սկսաւ Աստուծոյ փառքը երգել ըսելով. «Տէրը պիտի գովաբանեմ. ահա հոգիս կ՚ուրախանայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս» (Ղուկաս, 1.45-47), ճիշդ Սամուէլի մօր Աննայի նման, որ նոյնպէս շնորհակալութիւն կը յայտնէր, քանի որ Աստուած իրեն որդի մը պարգեւած էր (Ա. Թագաւորաց, 2.1)։
Եսայի մարգարէ «Անճառ Լոյս»ի Ծնունդին մասին մարգարէացած էր ըսելով. «Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ. մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ» (Եսայի, 9.2)։ Յիրաւի լոյսի կարեւորութիւնը կը զգանք եւ մանաւանդ կը հասկնանք, երբ կը մնանք ֆիզիքապէս խաւարած միջավայրի մը մէջ։ Սուրբ Գիրքը մեզի կ՚ուսուցանէ, թէ արարչագործութեան սկզբնակէտը երբ երկնքի եւ երկրի ստեղծումն էր, հոն տիրող խաւարի փարատումը իրականացաւ Աստուածային հրամանաւ, որ էր «Լոյս ըլլայ» (Ծննդոց, 1.1-3)։ Անսկիզբ եւ անվախճան Աստուծոյ տնօրինութեամբ յայտնուած լոյսի խորհուրդը կարելի չէ ըմբռնել մարդկային իմաստութեամբ, սակայն կը հաւատանք, թէ այդ յայտնուեցաւ անսահման իմաստութեամբը եւ զօրութեամբը Աստուծոյ։ Պօղոս առաքեալ առաջին լոյսի ծագումը եւ Քրիստոսի որպէս լոյս աշխարհի յայտնութիւնը գեղեցկօրէն կը զուգորդէ ըսելով. «Աստուած, որ հրաման ըրաւ որպէսզի խաւարէն լոյս ծագի, մեր սրտերուն մէջ ծագեց՝ Աստուծոյ փառքի գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսի անձովը» (Բ. Կորնթացիս, 4.6)։ Կը հետեւինք Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի մեկնաբանութեան, որ կը գրէ. «Քրիստոս՝ մեծ լոյսը աշխարհի. ծագեցաւ հրեաներուն, որոնք օրէնքի ճրագը ունէին, սակայն միշտ օրինազանց ըլլալով չէին լուսաւորուեր։ Քրիստոս՝ մեծ լոյսը աշխարհի. ծագեցաւ հեթանոսներուն, որոնք կը բնակէին աշխարհի մէջ եւ մահուան ստուերին տակ, քանի որ անոնք աշխարհի տարրերու ծառայութեամբ կը պարապէին»։ Սուրբ Կոյսը եղաւ մայրը «ճշմարիտ լոյսին» Յիսուս Քրիստոսի, որ աշխարհ պիտի գար, օժտուած՝ Աստուծոյ փառքի գիտութեան լոյսը տալու առաքելութեամբ։
Երբ կը հաւատանք, թէ լոյսի ընդմէջէն կը յայտնուի Աստուծոյ ներկայութիւնը, անոր առընթեր կը հաւատանք նաեւ կրակի մէջէն յայտնուած Աստուածային ներկայութեան։ Աստուած Մովսէս մարգարէին յայտնուեցաւ այրող եւ չսպառող մորենիին ընդմէջէն։ Այրող եւ չսպառող մորենին հետաքրքրութիւն արթնցուց Մովսէսի մօտ։ Փափաքեցաւ երթալ մորենիին մօտ՝ տեսնելու համար, թէ ինչո՞ւ չէր այրեր։ Աստուած մորենիին մէջէն կանչեց անոր ու ըսաւ. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերէդ, վասն զի այն տեղը՝ որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է»։ Նաեւ ըսաւ անոր. «Ես եմ քու հօրդ Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը»։ Մովսէս իր երեսը ծածկեց, վասն զի Աստուծոյ նայելու վախցաւ» (Ելից, 3.1-6)։ Մովսէս վախցաւ Աստուծոյ նայելու, ինչպէս որ յետագային պիտի վախնային Եսայի (Զ.6) եւ Եզեկիէլ (1.28) մարգարէները, տեսիլքի մէջ տեսած ըլլալով Աստուծոյ փառքը։ Մովսէսի համար անմերձենալի յայտարարուած Աստուածային կրակը, Աստուծոյ ներկայութիւնը բնակեցաւ Սուրբ Կոյսի մարմնին մէջ ու Ան դարձաւ Աստուծոյ Խօսքին լուսեղէն տաճարը։ Տաճար բառը իր մէջ կը մարմնաւորէ սրբավայր մը, ուր Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալի կը դառնայ։ Երուսաղէմի տաճարը, վայրն էր աստուածպաշտութեան եւ զոհերու մատուցման, նաեւ՝ աշխարհասփիւռ հրեայ ժողովուրդի մէկտեղման։ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածին հաւատքի զօրութեամբ Աստուծոյ կամքին առջեւ խոնարհեցաւ եւ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ տաճար դարձաւ եւ իր մէջ կրեց մարմնացեալ Աստուծոյ Խօսքը՝ Քրիստոս, որ պիտի յայտնուէր աշխարհի Սուրբ Աւետարանի քարոզութեամբ, օժտուած՝ Աշխարհի Լոյս, Կեանքի Հաց, Բարի Հովիւ, Յարութիւն եւ Կեանք, Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն եւ Կեանք ըլլալու հանգամանքներով (Յովհաննէս, 8.12, 6.35, 10.11, 11.25, 14.6), ըլլալով ըստ կարգի Մելքիսեդեկի յաւիտենական Քահանայապետ (Եբրայեցիս, 7.1-3)։
Անճառ Լոյսի Մայրը, որ աստուածութեան կրակը իր մէջը կրեց, Աստուծոյ Բանին լուսեղէն տաճարը Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածին, իր բացակայութեան ալ երանութեամբ ողջունուեցաւ։ Այս անգամ Քրիստոսի քարոզութենէն խանդավառուած կին մըն էր ձայնողը. «Երանի՜ այն որովայնին, որ կրեց քեզ, եւ ստինքներուն, որ կաթ տուին քեզի»։ Ի պատասխան այս երանութեան՝ Քրիստոս ըսաւ. «Երանի՜ մանաւանդ անոնց, որոնք կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ կը պահեն» (Ղուկաս, 11.27-28)։ Քրիստոս վստահ էր իր Տիրամօրը վարքէն։ Վստահ էր համակ նուիրում բուրող իր վարքագիծէն։ Այս առումով իր «երանի»ն չառանձնացուց միայն իր Մօրը ուղղելով, այլ Տիրամօրը գծով զայն ընդհանրացուց բոլոր անոնց համար, որոնք Սուրբ Կոյսի նման լսած են Աստուծոյ Խօսքը եւ պահած՝ զայն։
Բոլոր առաքելական եկեղեցիները Սուրբ Կոյսը կը մեծարեն՝ առօրեայ աղօթքներով եւ հոգեւոր երգերով։ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր վերափոխման տաղաւարը լաւագոյն առիթն է յիշելու Աստուծոյ կամքին գործակից դառնալու ուղղութեամբ իր ցուցաբերած պատրաստակամութիւնը եւ մանաւանդ՝ Աստուծմով ուրախ ըլլալու իր եռանդը։
Հայ Եկեղեցւոյ աղօթանուէր վանականին՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բառերով կը մերձենանք Սուրբ Կոյսին բարեխօսութեան խնդրանքով. «Ով անարատ տիրուհի եւ միշտ կոյս, որ Աստուծոյ Բանին սուրբ տապանակը եղար, ունենալով քու մէջդ օրէնքի կենդանագիր կտակը, Աստուծոյ մատովը գրուած. Ոսկի սափոր՝ որ քու մէջդ կրեցիր քաղցր մանանան. Յեսսէի արմատէն ծաղկած ընձիւղ, որ արքայական պտուղը բերիր. Երեք բռնիչով վերցուած բուրվառ, լեցուն անուշահոտ խունկով որ բուրումնաւետեց ամբողջ աշխարհը. Յիսուսի կանգնած խորան եւ գիշերը լուսաւորող հովանաւոր ամպ. Նոր Իսրայէլի դատաստանի տեղ. Դուն որ քեզի հետեւողներուս պահապան պիտի ըլլաս, հայցողական մաղթանքներուդ շնորհիւ, միաւորէ մեզ քու մէկիկ հօտիդ, սուրբ առաքեալներուն հետ, որ այսօր հաւաքուեցան ամփոփելու քեզ Տիրամայր եւ Աստուածածին. մենք ալ կը հայցենք որ շնորհես մեզի սրբութեան եւ արդարութեան բարի պարգեւը, ով ամենէն օրհնուածը կիներուն մէջ։ Ահա ընդունէ մեր աղերսներն ու պաղատանքները եւ ներկայացուր քու Որդիիդ եւ մեր Աստուծոյն. կ՚աղաչենք»։ (թրգմ. Նորայր Արքեպսկ. Պօղարեանի)
Յովհաննէս Վարդապետ Գառնեցի ի դիմաց հաւատացեալներու կ՚աղօթէ ըսելով. «Երկնային դուռ եւ առագաստ անմահ արքայի, Լոյսի մայր եւ անարատ Կոյս, որ մարմնով ծնար զԲանն Աստուած, եւ բոլոր ազգերը երանի պիտի տան քեզի, որ պարծանքն ես մարդկային ցեղի եւ միշտ բարեխօս Միածնի առջեւ, քու առջեւ կ՚իյնամ եւ կ՚աղաչեմ քեզի. բարեխօսէ քու սուրբ կաթով սնած անդրանիկ Որդւոյդ մօտ, որ զիս սրբէ մեղքերէն եւ ազատէ բոլոր սխալներէն»:
Տիրամօր վերափոխման տաղաւարը շնորհաւոր ըլլայ։ Ի Տեառնէ կը խնդրենք, որ ընդունի եկեղեցւոյ սուրբ հայրերու բարեխօսական աղօթքներուն մեր աղօթակցութիւնը եւ բոլորիս պարգեւէ օրհնութիւն ու աստուածային սրբարար զօրութիւն։ Ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
9 օգոստոս 2025, Գնալը կղզի