ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԵՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքն ու անդամներէն Վոլքան Արատը։ Հանդիպման ընթացքին անոնք Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին Տիարպաքըրի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն շուրջ։ Ծխականները ջանք կը թափեն շինարարութեան ընթացքը կայուն պահելու համար։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Այըք եւ Արատ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին, որ պետութեան կողմէ յատկացուած միջոցները արդէն օգտագործուած են, սակայն, բաւարար չեն եղած հսկայածաւալ աշխատանքը ի կատար ածելու համար։ Ուստի, ծխականները ընդգծեցին, որ այլեւս անհրաժեշտ դարձած է համայնքէն ալ նիւթական օժանդակութիւն ապահովելը։ Այըք եւ Արատ շեշտեցին, որ մասնաւորապէս կ՚ակնկալուի՝ լուրջ միջոցներու տէր համայնքային կառոյցներու զօրակցութիւնը։ Անոնք այս աշխատանքին ձեռնարկելու համար դիմեցին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեան։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ ծխական խորհուրդի տարած աշխատանքը ունի կարեւոր բնոյթ, ուստի տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2025