Երեքշաբթի 16, Դեկտեմբեր 2025
ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Նուրհան Տէօնէրն ու Ժիրայր Աքմերճանը։ Եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ՝ անոնք մեզի յայտնեցին, թէ Կէտիկփաշայի ընտանիքը միշտ հետամուտ կը մնայ կենսունակ պահել թաղի պատմական խոր աւանդութիւնները։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2025