Երեքշաբթի 16, Դեկտեմբեր 2025
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ
Իսթանպուլի մօտ Լեհաստանի աւագ հիւպատոսարանի նախաձեռնութեամբ, երէկ երեկոյեան, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօնական շրջանին առթիւ երաժշտահանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Պէյօղլուի Սեն թ՚Անթուան լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ։ Ձեռնարկի հիւրընկալն էր Լեհաստանի աւագ հիւպատոս Միրոսլաւ Սթաւսքի։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին երեկոյթին մասնակցեցան՝ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որոնք աւագ հիւպատոսին փոխանցեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ողջոյնները։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2025