ՀԲԸՄ-Ի ՀԱՆԴԷՍԸ Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ԴՐՈՒԱՏԻՔԸ ԿԸ ՀԻՒՍԷ. «ԴԱՐՄԱՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԴՐԱԽՏ ՄԸ»
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հանդէսը բացառիկ թիւ մը հրատարակեց թրքահայութեան մասին։ Այս պարբերաթերթը, որ լոյս կը տեսնէ «AGBU Magazine» անունով, վերջին թիւը յատկացուցած է մեր համայնքին։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը բազում երեսակներով մանրամասնօրէն ներկայացուած է «AGBU Magazine»ի կողմէ։
Նիւթի հեղինակն է Հայաստանէն յայտնի լրագրող Արաքս Կասեան, որ «Արմէնփրէս» գործակալութեան սիւներէն է։ Այս յատուկ թողարկման արտասովոր խորքն ու ճոխութիւնը պայմանաւորած են այլ յայտնի անունի մը՝ վարպետ լուսանկարիչ Դաւիթ Յակոբեանի դրուագները։ Ան նիւթին վրայ իր ոսպնեակը այնպէս մը ուղղած է, որ լուսանկարները վերածուած են անկրկնելի վկայութիւններու։ Հարկ է նշել, որ այս նիւթի պատրաստութեան առթիւ Արաքս Կասեան եւ Դաւիթ Յակոբեան անցեալ ամառ այցելած էին Իսթանպուլ։
«AGBU Magazine»ի այս բացառիկ թիւին մէջ լոյս տեսած են Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի յայտարարութիւնները, մատուցուած են համայնքի իւրայատուկ առաքելութեամբ զանազան կառոյցներու գլխաւոր դէմքերու խորհրդածութիւնները՝ ներառեալ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը։
Առանձին բաժնով մը անդրադարձ կատարուած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին, որ հայկական սփիւռքէն ներս աննախընթաց է։ Հիւանդանոցի համալիրին փայլուն վիճակը նոյնքան փայլուն լուսանկարներով գտած է իր ցոլացումը, միեւնոյն ժամանակ, անոր առաքելութեան ու գործունէութեան բոլոր ծալքերուն մասին բանալիներ մատուցելով։ Հաստատութեան պատմութենէն սկսեալ, մինչեւ մեր օրերը հասած ոդիսականը ներկայացուած է ամբողջականութեան մը մէջ։ Հանդէսին մէջ տեղ գտած են նաեւ հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի յայտարարութիւնները։
Հեղինակը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը որակած է՝ «Դարմանման համար դրախտ մը»։