ՊՈՒՐԿԱԶ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԸՆԹՐԻՔ

Շաբաթավերջին, Պուրկազ կղզիին մէջ ընթրիք մը կազմակերպուեցաւ՝ ի նպաստ Գալֆաեան տան։ Մեներգիչ Արի Պարութօղլուի կողմէ գործադրուած երաժշտական յայտագրով մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։ Խնամակալութեան ատենապետուհի Թամար Քարասու հանդէս եկաւ ներկաներուն ուղղեալ ողջոյնի խօսքով մը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025