ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՂԱՒԱՐ

Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարին առթիւ պատարագեց եւ յաջորդած խաղողօրհնէքը կատարեց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էին Միսաք Սրկ. Չամեափան եւ այլ դպիրներ։ Բազմաթիւ ուխտաւորներ հետեւեցան արարողութեան՝ ջերմօրէն շրջապատուելով Թոփգաբուի ընտանիքի պատասխանատուներուն կողմէ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025