ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ

Ս. Աստուածածնի տօնը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։ Մեր համայնքի տօնը շնորհաւորելու համար եկեղեցի այցելեց Կղզեաց քաղաքապետ Էրճան Աքփոլատ։

Ս. Պատարագէն վերջ, տեղի ունեցաւ բացօթեայ անդաստան եւ եկեղեցւոյ բակէն ներս խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ աւանդական խաղողօրհնէքով։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ մը, որուն զուգահեռ ներկայացուեցան հայկական պարեր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025