ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու թաղականներէն Դաւիթ Տամլան։ Նորին Ամենապատուութեան կողմքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Վաղուան տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ թաղականները ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց Պէզճեան Մայր վարժարանի յարատեւութեան ուղղեալ ջանքերը եւ թաղային խորհուրդի ծառայութիւնները։ 

Հուսկ, ան յաջողութիւն մաղթեց վաղուան հանգանակութեան համար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2025