ՄԵՆԵՐԳԻՉ ԱՐԹԻՒՐ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԻԶՄԻՐԻ ՄԷՋ

Երէկ, մեր համայնքի համակրելի մեներգիչներէն՝ պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Իզմիրի մէջ։ «Քոզմոս» օփերայի շուրջբոլորի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Արթիւր Պաղտասարեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած ելոյթը։ Ան բեմ առաւ այլ մեներգիչներու հետ. ինչպէս՝ Շենիզ Էրտինչ, Ներիման Պիւյիւքայտաղ, Հիւլիա Էօզէր եւ Սերհան Շիտէ։

Իտալական երաժշտութեան ծանօթ գործերը մաս կազմեցին երգացանկին՝ մինչ բոլոր ունկնդիրները ապրեցան խանդավառ պահեր։ Համերգը աւարտին հասաւ նշանաւոր «Amigos Parasiempre»ի միասնական երգեցողութեամբ։

Իզմիրի «Հիքմէթ Շիմշէք» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ կազմակերպուած էր համերգը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2025