ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՐԵԿՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ԱԼԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ
Երէկ երեկոյեան, թրքահայ երէց սերունդի բազմավաստակ արուեստագիտուհիներէն Ալիս Մանուկեանի ի պատիւ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյթ մը՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Բոլոր անոնք, որոնք լեցուցած էին ընդարձակ սրահը, տոգորուած էին Ալիս Մանուկեանի նկատմամբ համակրանքի եւ երախտագիտութեան զգացումներով։ Յայտագրի ողջ տեւողութեան հանդիսատեսները այնքան լաւ եւ դիպուկ ձեւով այդ բոլորը արտայայտեցին, որ բարին բուն իմաստով զգացումներու տարափ մը ստեղծուեցաւ հանդիսասրահի երդիքին տակ։
Թէեւ ձեռնարկի ամբողջ իմաստը կայացաւ այն հանգամանքին մէջ, որ շատ երկար տարիներ վերջ Ալիս Մանուկեան մասնակցութիւն բերաւ երեկոյթի մը, սակայն, առանց այդ ալ արդէն բաւական մակարդակաւոր յայտագիր մը պատրաստուած էր։ Հայ եւ օտար յօրինողներու երաժշտական ստեղծագործութիւններով հիւսուած ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ գործադրուեցաւ մեր համայնքի այն արուեստագէտներուն կողմէ, որոնք անցեալին Ալիս Մանուկեանի փորձառութենէն օգտուած, կերպարէն ներշնչուած էին՝ որպէս ուսուցչուհի կամ վարպետ։ Սոփրանօ Ալիս Մանուկեան, որ տասնամեակներ շարունակ Իսթանպուլի օփերայի սիւներու շարքին մաս կազմած էր, յուզումնախառն զգացումներով հետեւեցաւ յայտագրի գործադրութեան։ Մինչ իր սաները բեմ կ՚առնէին եւ իրեն ի պատիւ կը ցուցաբերէին կատարողական կարողութիւններ, Ալիս Մանուկեանն ալ տարիներու գեղարուեստական յաջող գործունէութեան բերկրանքով կը հետեւէր անոր։
Յայտագրի ընթացքին հնչեցին զանազան ելոյթներ, իսկ եզրափակիչ փուլին Ալիս Մանուկեանն ալ բեմ բարձրացաւ ողջունելով իր համակիրները, որոնք փոխադարձեցին որոտընդոստ ծափահարութիւններով։ Այս փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ յուշապնակ մը յանձնեց մեծարեալ արուեստագիտուհիին։ Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ալիս Մանուկեանի բազմամեայ գեղարուեստական գործունէութեան շուրջ։
Ալիս Մանուկեան, որ երկար տասնամեակներ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ թրքահայ համայնքի երաժշտական աշխարհի գլխաւոր հերոսներէն մին եղած էր, երէկուան մեծարանքի ձեռնարկի ընթացքին շրջապատուած էր նաեւ իր հարազատներուն կողմէ։
Հուսկ, երէկուան ձեռնարկը բոլոր մասնակիցներու յիշողութեան մէջ քանդակուեցաւ՝ որպէս գործօն, որու շնորհիւ Ալիս Մանուկեանի վայելած համակրանքը, արժանացած գնահատանքը նորովի կը պայմանաւորուին մեր համայնքի արդի տարեգրութեանց մէջ։