ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Տ. ՎԱԶԳԷՆ Ծ. ՎՐԴ. ՔԱՐԱՅԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Քարայեանը, որ արձակուրդի առթիւ կը գտնուի քաղաքիս մէջ, ուր կը շփուի նաեւ իր ազգականական շրջանակին հետ։ Ան քաղաքիս մէջ կեցութեան օրերուն փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Գումգաբու եւ ստանալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն ողջունեց հայր սուրբը՝ մաղթելով բարի կեցութիւն եւ բարի վերադարձ։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2025