ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀԱՒԱՔ

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասը, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Նոր տարուայ առթիւ համախմբուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ժամերգութեան հանդիսաւոր արարողութիւն, որու աւարտին հոգեւոր հայրերը ծնրադիր, միաբերան երգեցին «Տէր ողորմեա»ն։

Այս ժամերգութենէն վերջ, տարեմուտի հաւաքի ծրագիրը շարունակուեցաւ Պատրիարքարանի երդիքին տակ, ուր բոլորը համախմբուեցան դահլիճին մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ամանորի առթիւ պոլսահայ հոգեւորականց դասու անդամներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը բոլորը հրաւիրեց՝ աղօթել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ համար։ Ան հակիրճ ամփոփում մը կատարեց անցեալ տարուայ իրադարձութիւններուն շուրջ՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի իրադարձութիւններուն։ Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ յառաջիկայ տարին ըլլայ աւելի պտղաբեր թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական հարթութեան վրայ։

Նորին Ամենապատուութեան պատգամի աւարտին, հոգեւոր հայրերը միասնաբար համտեսեցին աւանդական անուշապուրը։ Այս փուլին բոլորը փոխանակեցին բարեմաղթանքներ եւ 2026 թուականի տարեմուտին զիրար խրախուսեցին՝ թարմ եռանդով հաւատացեալ ժողովուրդին ծառայութիւն մատուցելու ճանապարհին։

Բացի հոգեւորականաց դասու անդամներուն հետ մէկտեղուելէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տարեմուտի առթիւ մէկտեղուեցաւ նաեւ Պատրիարքարանի անձնակազմին հետ։

Միւս կողմէ, Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ տարուան առաջին Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

 

Ուրբաթ, Յունուար 2, 2026