ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄՈՎ ԲԺԻՇԿՆԵՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց թրքահայ բժշկական դասու ներկայացուցիչները։ Մեր հայամնքի՝ մասնագիտութեամբ բժիշկ եւ ակադեմական տիտղոսով հեղինակաւոր դէմքերը Պատրիարքարանի երդիքին տակ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընդունուեցան Նորին Ամենապատուութեան կողմէ։ Եզակի ձեւաչափով հաւաք մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց թրքահայ բժշկական դասու ներկայացուցիչները, որոնք ունին տոցենդի կամ փրոֆեսէօրի կոչում։ Ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, որ եւս մասնագիտութեամբ բժիշկ է եւ վերջերս նուաճած է տոցենդի կոչումը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ ջերմօրէն ողջունեց զինքը՝ յղելով շնորհաւորութիւններ։

Պատրիարքարանի ընդունելութեան ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պչաքճեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Դահլիճին մէջ զետեղուած ընդունելութեան սեղաններուն շուրջ ներկաներուն միջեւ ծաւալուեցաւ հաճելի զրոյց։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, բացի ողջոյնի խօսք մը արտասանելէ, մի առ մի զրուցեց բժիշկներուն հետ՝ տեղեկութիւններ քաղելով անոնց մասնագիտական գործունէութեան կապակցութեամբ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 2, 2026