«ՄԱՐԱԼ»Ի ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ ԿԱՐՊԻՍ ՉԱՓՔԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԸՆԹՐԻՔ
Էսաեան Սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի յոբելեանը շաբաթավերջին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս արժանացաւ մասնաւոր ուշադրութեան: Կարպիս Չափքանի գեղարուեստական գործունէութեան 45-ամեակը նշուեցաւ մեծարանքի եւ գնահատանքի երեկոյթով մը՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի: Բանկալթիի «Լոթուս» առեւտուրի կեդրոնի «Լոքալ» ճաշարանէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որ համախմբեց «Մարալ»ի համայն ընտանիքը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան եւ այն կարգադիր յանձնախումբին կողմէ, որ համոյթի ձեռնարկներուն կը բերէ իր նպաստը:
Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ երեկոյթը, որու ընթացքին Կարպիս Չափքանի տասնեակ տարիներու վաստակն ու ներդրումը արժեւորուեցաւ բարձր գնահատանքով: Չափքանի ի պատիւ կազմակերպուած այս ձեռնարկին ժամանակ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան: Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ելոյթին մէջ Կարպիս Չափքանի վաստակը դրուատեց՝ շեշտը դնելով «Մարալ» համոյթի յարատեւութեան կարեւորութեան վրայ:
Ձեռնարկի խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ Նորին Ամենապատուութեան եւ համոյթի երիտասարդներու կողմէ շրջապատուած Կարպիս Չափքանը հատեց իրեն համար պատրաստուած կարկանդակը՝ մինչ անոր հետ էր նաեւ կողակիցը՝ Իրիս Չափքան:
Մեծարանքի այս երեկոյթին մասնակցեցաւ շուրջ հարիւր հոգի: Երեկոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր՝ մինչ «Մարալ»ի երիտասարդները շուրջպարերով մասնակից դարձան խանդավառութեան: