ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Շիշլի մարզակումբին կողմէ զանազան ճիւղերու մէջ եւ քաղաքիս զանազան թաղերուն մէջ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքները երէկ հանդիսաւոր արարողութիւններով հասան իրենց աւարտին։ Ինչպէս ծանօթ է, ձմրան դասընթացքներու նախաձեռնութիւնը երկար տարիներէ ի վեր յաջողութեամբ յառաջ կը տարուի այս ակումբին կողմէ։ Ծրագիրը կը համախմբէ մեր համայնքէն հարիւրաւոր մանուկ եւ պատանի մարզիկներ, որոնք թէ՛ հաճելի ժամանց կ՚ունենան, թէ՛ մարմնամարզով կը զբաղուին եւ թէ նոր ընկերութիւններ կը մշակեն իրարու հետ։ Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը վերջին տարիներուն այս դասընթացքներու ծրագիրը անհամեմատօրէն զարգացուցած է։ Արդարեւ, թէ՛ մարզական ճիւղերուն թիւը աւելցած է եւ թէ քաղաքին մէջ անոնց աշխարհագրութիւնը ընդլայնուած։

2025-ի ձմրան շրջանի դասընթացքներն ալ պսակուեցան յաջողութեամբ։ Բոլոր անոնք, որոնք այս դասընթացքներուն կը մասնակցէին, երէկ զանազան կէտերու մէջ մասնակցեցան եղանակի եզրափակիչ հաւաքոյթներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրին Շիշլիի վարչութենէն ներկայացուցիչներ ալ մասնակցութիւն բերին։ Դասընթացքներու բոլոր մասնակիցները ստացան իրենց վկայականները՝ մինչ հանդիսութիւններուն մասնակցեցան նաեւ անոնց ծնողները եւ այլ հիւրեր։ Շիշլիի վարչայինները եղանակի փակման արարողութիւններուն ընթացքին ջերմօրէն խրախուսեցին մանուկ կամ պատանի մարզիկները, որպէսզի անոնք յառաջիկային յարատեւութիւն ունենան մարզական բնակագաւառի մէջ։ Հարկ է նշել, որ ամրան շրջանին ալ Շիշլիի կողմէ Գնալը կղզիի մէջ կը կազմակերպուին դասընթացքներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 2, 2025