«ԱՊԱԳԱՅ»Ի ՀԱՄԱՐ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ

Գատըգիւղի ընտանիքը այս շրջանին խանդավառուած է «Ապագայ» մանկապատանեկան երգչախումբի ստեղծումով։ Թաղի նոր սերունդի ներկայացուցիչները ներգրաւուած են այս ծրագրին, որ յառաջ պիտի տարուի համակրելի արուեստագէտ Հրանդ Ճիզմէճեանի մականին ներքեւ։ Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ կազմակերպուած առաջին փորձի մասնակիցներու թիւը բաւական յուսադրիչ էր։ Ներկայ էր նաեւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու։ Ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն եւ ոգեւոր մթնոլորտի մէջ տղաքը «Ապագայ» վանկարկումներով այս առաջին քայլափոխը հասցուցին իր աւարտին։

 Ծանօթ է, որ Հրանդ Ճիզմէճեան վերջին տարիներուն հետեւողական աշխատանք կը տանի՝ պոլսոհայ նոր սերունդը հայ երգարուեստին կապելու ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2025