Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԻԵՆՆԱՅԷՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՔԱՂԱՔՍ

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան այսօր երեկոյեան օդային ճամբով Վիեննայէն կը վերադառնայ քաղաքս։ Նորին Սրբազնութիւնը այս շաբթուայ սկիզբին մեկնած էր Սանկտ Փոլթեն, ուր յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցաւ եպիսկոպոսաց խորհրդակցական հարթակին։ Կը նախատեսուի, որ այսօր երեկոյեան ժամերուն ան հասած ըլլայ Իսթանպուլ։

Ուրբաթ, Փետրուար 20, 2026