ՍՈՒՐԲ ՅԱՄԱՌՈՒԹԻՒՆ ՅՕԳՈՒՏ ԱԶԳԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր շատ ոգեւոր պայմաններով հիւրընկալուեցաւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան համալիրէն ներս։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան յատկանշական փուլերէն մին սահմանեց Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ կազմակերպուած երեկոյթը։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի շփումներու շրջանակներէն ներս, Նորին Ամենապատուութիւնը Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ մասնակցեցաւ ընթրիքի մը՝ ընկերակցութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։
Յետմիջօրէին միութիւն ժամանելով՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիմաւորուեցաւ գործադիր վարչութեան ատենապետ Հերման Չելիքի գլխաւորութեամբ։ Ան շրջայց մը կատարեց միութեան համալիրէն ներս՝ մինչ վերյիշուեցան իր երջանկայիշատակ նախորդները, որոնք եւս հիւրընկալուած էին նոյն հաստատութեան կողմէ։ Ի շարունակութիւն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ստորագրեց միութեան պատուոյ տոմարը։ Մինչեւ ընթրիքի ժամը, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց միութեան ընթացիկ գործունէութեան եւ վարչութեան ծրագիրներուն կապակցութեամբ։
Այս բոլորէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծափողջոյններու ներքեւ մուտք գործեց միութեան մեծ դահլիճը, ուր սարքուած էին ընթրիքի սեղանները։ Բացի հոգեւոր հայրերէ, ներկայ էին Արեւմտեան թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Տերիք Ղուկասեան եւ Նորին Ամենապատուութեան այցի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Սարօ Մարուքեան։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Քրիստին Տեմիրալի։ Երաժշտական յայտագրի ընթացքին հանդէս եկաւ մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու։ Ասմունքեց Ժպիտ Չընար։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ատենապետ Հերման Չելիք, որու գլխաւորած կազմը վերջերս տեղի ունեցած ընտրութեամբ ստանձնած է միութեան գործադիր վարչութեան ղեկը։ Գեղարուեստական կատարումներով եւ այլ սրտի խօսքերով շարունակուեցաւ յայտագիրը, որու տեւողութեան սրահին մէջ բարձր տրամադրութիւն կը տիրէր։ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանն ալ ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի եւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան միջեւ հաստատուած համագործակցութեան։
Հուսկ բանքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ միութեան գործունէութեան մասին։ Ան առանձնապէս արժեւորեց կարգ մը նուիրեալներու վաստակը՝ ընդգծելով, որ անոնց հետեւողական գործունէութիւնը կը համարուի սուրբ յամառութիւն մը յօգուտ ազգին։ Յայտագրի եզրափակիչ փուլին փոխանակուեցան յուշանուէրներ։
Արեւմտեան թեմը կը հանդիսանայ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղեւորութեան առաջին փուլը։ Յաջորդ շաբթուան սկիզբին Նիւ Եորք, Արեւելեան թեմ պիտի անցնի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ այս կիրակի՝ Սուրբ Էջմիածնի տօնին պիտի պատարագէ Արեւմտեան թեմի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ, Պըրպենք։ Ուղեւորութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանայ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որպէս գաւազանակիր։