ՈՉ ԵՒՍ Է ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ԿԱՐՊԻՍ ԷՕԶԱԹԱՅ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի լուսանկարիչ Կարպիս Էօզաթայ։ Նախախնամութեան տնօրինութեամբ՝ անոր մահը զուգադիպեցաւ օգոստոսի 19-ին, որ կը նշուի՝ իբրեւ Համաշխարհային լուսանկարչութեան օր։

79-ամեայ Կարպիս Էօզաթայ հմուտ լուսանկարիչ մըն էր եւ բարի համբաւ կը վայելէր զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհէն ներս։ Մամուլի ասպարէզին անձնուրաց ծառայութիւն բերած էր երկար տասնամեակներ։ «Հիւրրիյէթ», «Ճումհուրիյէթ», «Միլլիյէթ»ի նման օրաթերթերու աշխատակցելու առընթեր, ան եղած էր բազմաթիւ գործակալութիւններու լուսանկարիչը։ Արհեստավարժ զբաղմունքի տարիներուն նուաճած էր զանազան մրցանակներ։ Եղած էր Թուրքիոյ լրագրողներու ընկերակցութեան վարչութեան նախկին անդամներէն մին։ Հարկ է նշել, որ Կարպիս Էօզաթայի կորուստին առթիւ ցաւակցական պատգամ մը հրապարակուած է Թուրքիոյ լրագրողներու ընկերակցութեան կողմէ։

Կարպիս Էօզաթայ կը բնակէր Գատըգիւղի մէջ։ Իր յուղարկաւորութիւնն ալ պիտի կատարուի թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ եւ իր մարմինը պիտի ամփոփուի Սկիւտարի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Այս տխուր առթիւ, երկնային հանգիստ կը հայցենք Կարպիս Էօզաթայի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր զաւակներուն, համայն ընտանիքին եւ պաշտօնակիցներուն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025