Երկուշաբթի 20, Հոկտեմբեր 2025
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի աշակերտները շաբաթավերջին այցելեցին պատմական Նիկիա քաղաքը, Իզնիք։ Ուղեւորութեան ընթացքին խումբը գլխաւորեցին՝ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ հրատարակիչ Օսման Քէօքէր։
Պտոյտին ժամկէտը յատկանշական էր՝ քանի այս տարի կը նշուի Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեայ յոբելեանը։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025