ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՊԱՐԹԵՒԻ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՁԱՅՆՈՎ ՀԱՄԵՐԳ

Համակրելի երգիչ Պարթեւ Կարեան երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Գնալըի բարձունքին։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած է ողջունելի աւանդութիւն մը, որով իւրաքանչիւր ամրան Պարթեւ Կարեան համերգով մը կը ներկայանայ կղզեբնակ երաժշտասէրներուն։ Ներկայ ամրան շրջանին բոլորին համար բացառիկ հաճոյք էր հերթական անգամ հաղորդ դառնալ Պարթեւի կատարողական արուեստին եւ վարպետութեան։ 

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան՝ ընկերակցութեամբ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ 

Պարթեւ Կարեան եւ «Առագաստ» նուագախումբը բացառիկ երեկոյթ մը պարգեւեցին երաժշտասէրներուն, որոնք վերացան հայկական երգարուեստի դասականացած նմոյշներով։ Բոլորի ծափահարութիւններուն արժանացաւ Պարթեւ, որ հերթական անգամ խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ։ Իր ձայնով եւ կատարողական վարպետութեամբ Պարթեւ երեկոյթի մասնակիցները բաց երկինքի տակ տարբեր աշխարհ մը առաջնորդեց համերգի տեւողութեան, որու եզրափակիչ փուլին ներկաները երազէ մը արթնցած ըլլալու տպաւորութիւնը ունէին։

Համերգի աւարտին շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ բարձր գնահատեց Պարթեւի ո՛չ միայն արուեստը, այլ առաքելութեան վերածուած հետեւողականութիւնը՝ հայ երաժշտութեան համար գործադրած ջանքերուն տեսակէտէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յուշանուէր մըն ալ յանձնեց համակրելի մեներգիչին։ «Առագաստ» նուագախումբի անդամներուն ալ յուշանուէրներ յանձնուեցան՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի։ 

Համերգին յաջորդած որոտընդոստ ծափահարութիւններու մթնոլորտին համահունչ՝ արձակման փուլին ալ բոլոր ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին Պարթեւը, որուն մաղթեցին յարատեւ յաջողութիւն եւ վերարտայայտեցին անոր նկատմամբ իրենց խոր համակրանքը։

 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 21, 2025