«ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՀԵՏ»Ը ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Երէկ երեկոյեան, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը։ Սա ժողովուրդին ու հետաքրքիրներուն բաց ցուցադրութիւններու շարքին չորրորդն էր։ Այսպէս, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» փաստագրական կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ արտադրուած գործը ներկայացուեցաւ քաղաքիս ամենահայահոծ թաղերէն՝ Պաքըրգիւղի մէջ, ուր ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։ Երեկոյթը հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ՝ մանաւանդ, որ այս ֆիլմի դրական արձագանգները հետզհետէ կ՚ընդլայնուին համայնքային շրջանակներէն ներս։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա եւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Պաքըրգիւղի ընտանիքի վարիչներն ալ մասնակցեցան երեկոյթին՝ գլխաւորութեամբ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըի։ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը, որ այս ֆիլմի արեւմտահայերէն տարբերակի կալային յաջորդած ասուլիսի զրուցավարը եղած էր, երէկուան ներկայացման այս անգամ մասնակցեցաւ՝ որպէս հիւրընկալ։
Յայտագրի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ նուիրեալ կրթական մշակ Թաթիանա Պոստան, որու արտայայտութեան աւարտին ներկայացուեցաւ ֆիլմը։ Ներկաները հետաքրքրութեամբ դիտեցին ժապաւէնը, որու աւարտին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան արտասանեց սրտի խօսք մը։ Ան նշեց, որ այս ժապաւէնը առաջին հերթին առարկայականութեան մղումով պատրաստուած էր՝ քանի խօսքը կը վերաբերի պատմութեան։ Խորքին մէջ, արտադրական աշխատանքը այնպէս մը յառաջ տարուած է, որ արդիւնքը ոեւէ մէկուն համար չըլլայ շատ հաճելի, սակայն, բոլորին համար ըլլայ հանդուրժելի։ Արդարեւ, շատ երկար ժամանակահատուածի վրայ տարածուած Պատրիարքական Աթոռի անցեալին շուրջ սահմանումները արդէն ինքնին բարդ էին, իսկ յաւելեալ դժուարութեան պատճառ դարձած հանգամանքներէն մին ալ այն է, որ աւելի քան հինգ դարերու այդ պատմութեան նկատմամբ բոլորի մօտեցումները միանշանակ չեն։
Պաքըրգիւղի ընտանիքին անունով պատրաստուած յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Արա Գօչունեանին՝ ձեռամբ Երանուհի Պալճըի։
Հուսկ, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի խօսքով եզրափակուեցաւ երեկոյթը։ Ան արժեւորեց, Պատրիարքական Աթոռի առաքելութիւնն ու դերակատարութիւնը՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Տէր հայրը շեշտեց, որ այս ֆիլմը շատ հետաքրքրական է եւ կրնայ մարդիկ մղել, որպէսզի Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան եւ ընդհանրապէս այնտեղ շօշափուած նիւթերուն շուրջ հետաքըրքիրներ նոր գիւտերու համար յաւելեալ տեղեկութիւններ փնտռեն։
«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիմլի յաջորդ ներկայացումը վաղը երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Օրթագիւղի մէջ, Թարգմանչաց վարժարանի սրահի երդիքին տակ։