ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆԹՐԻՔ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Գնալը կղզիի Ջրային մարզաձեւերու ակումբին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած՝ բարեկամական հաւաքոյթ մըն է այս մէկը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացան Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, Տ. Յովակիմ Վարդապետ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քահանայ Պըչաքճեան։ Ներկաներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու եւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։

Սեղանակիցները անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրոյց ունեցան, մինչ անոնց ողջոյնի խօսքով մը դիմեց երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։ Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրն ալ ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 22, 2025