ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔ
Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Դպրոցը, որ 205-րդ անգամ իր դռները բացած է այս կրթական շրջանին, հիւրընկալեց զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները։ Մինչ այդ, զուգահեռաբար նշուեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութեան հիմնադրութեան տասնամեայ յոբելեանը։ Շրջանաւարտներու համախմբումը տօնական մթնոլորտ ստեղծեց դպրոցի համալիրէն ներս։ Բոլորը թէ՛ վերյիշեցին անցեալը եւ թէ իրենց յոյսերը թարմացուցին՝ հաստատութեան յարատեւութեան ճանապարհին։ Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Մելիսա Թաշճեանի։ Աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան գեղարուեստական կատարումներով։ Ելոյթներով հանդէս եկան դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ տքթ. Եգուարդ Հարբութ, տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Վանլեան։
Բացի վերջին ընթացաւարտներէն, հաւաքոյթին մասնակցեցան այն շրջանաւարտները, որոնք կը նշէին իրենց 10-րդ, 20-րդ, 30-րդ, 40-րդ եւ 50-րդ տարեդարձները։ Յոբելեարները ստացան վկայականներ եւ միութեան կողմէ այլ խորհրդանշական յուշանուէրներ։ Թոփգաբուցիները ձեւով մը անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկին լաւատեսութեամբ տոգորուեցան՝ մանաւանդ, որ բոլորին տեսակէտէ ողջունելի էր ականատես դառնալ՝ դպրոցի երկրաշարժի դէմ ամրակայուած շէնքին։ Շրջանաւարտները բարձր գնահատեցին Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ այս ուղղութեամբ ներդրուած ջանքերը։
Հուսկ, բոլոր շրջանաւարտները միասնաբար ճաշեցին դպրոցի պարտէզին մէջ։ Սեղանը օրհնեց Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Հրաժեշտի պահուն բոլորը բարեմաղթանքներ փոխանակեցին եւ ժամադրուեցան յառաջիկայ տարուան համար։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը բացառիկ ապրումներու առիթ հանդիսացաւ բոլորին տեսակէտէ։