ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 130-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ եւ յարակից Էսաեան վարժարանի հիմնադրութեան 130-րդ տարեդարձները երէկ բացառիկ խանդավառութեամբ համակած էին Պէյօղլուի ընտանիքը։ Այս զոյգ յոբելեաններուն առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ ստեղծուեցաւ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, գոհաբանական Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ Արարողութեան ընթացքին հանդիսաւոր ձեւով ընթերցուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական սրբատառ օրհնութեան գիրը, որ ձօնուած էր կրկնակ յոբելեաններուն։
Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Վազգէն Ծայրագոյն Վարդապետ Քարայեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Մելինէ Թեմելճի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։
Հայրապետական սրբատառ գրի ընթերցման համար արարողութիւնը ընդհատուեցաւ։ Զանգակներու ղօղանջով եւ «Էջմիածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեամբ վերաբերուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը։ Եկեղեցւոյ բեմէն պատարագիչ հայր սուրբը հանդիսաւորապէս ընթերցեց Նորին Սրբութեան պատգամը։ Օրհնութեան գիրի ընթերցումէն վերջ, Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ, տեղի ունեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հիմնի երգեցողութիւնը։ Հուսկ, խորանին առջեւ օրհնութեան գիրը յանձնուեցաւ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանի, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն Կիւլիւզար Արթուչի եւ վարժարանի տնօրէնուհիներուն՝ Տենչա Չընարի եւ Առլին Եշիլթեփէի։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ տաճարէն դուրս եւ արձակման աղօթքով հաւատացեալներուն տուաւ իր օրհնութիւնը։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը կրօնական արարողութիւններէն վերջ սիրոյ սեղանով մը հիւրընկալեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ հիւրերը։