ՏԽՐՈՒՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն՝
ՏԻԿԻՆ
ԱՐՏԵՄԻՍ ՆԱԼՉԱՃԸԷՐ
որ համատարած յարգանք ու համակրանք կը վայելէր եւ որու կորուստը մեծ յուզում յառաջացուցած է։ Իր ընտանիքի արմատները կը հասնէին Եւդոկիա, ուր ծնած ըլլալով հաստատուած էր Պոլիս։ Տոհմիկ շունչով դաստիարակած էր զաւակներ, դժբախտաբար, իր կեանքի բեկումնային փուլը սահմանած էր որդեկորոյս դառնալու պահը։ Որպէս մայր միշտ իր սիրոյ հովանին տարածած էր ընտանիքին վրայ։ Ան թէեւ բաւական յառաջացած տարիքի մէջ երկրաւոր կեանքէն հրաժեշտ առած է, սակայն, պահը շատ տխուր է իր սիրելիներուն համար, որոնք անոր քաղձր յիշատակը միշտ պիտի կրեն իրենց սրտին մէջ։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք հանգուցեալի հոգւոյն ու խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք՝ իր դստեր՝ Էսաեան վարժարանի սաներէն Իլտա Նալչաճըէրի եւ համայն ընտանիքին։